Տիրոջ հետ երկխօսելու համար պահպանենք մեր ''համեստութիւնը''` ըսաւ Քահանայապետը 21 յունուարին
արտասանած քարոզին մէջ։
Վատիկան։ Պահպանենք մեր ''համեստութիւնը'' երկխօսելու համար Տիրոջ ''մեծվայելչութեան''
հետ – ըսաւ Քահանայապետը այսօրուայ քարոզին մէջ, ընդգծելով Տիրոջ մեր հետ ունեցած ''անհատական''
յարաբերութիւնը որ հանրութեան հետ երկխօսութիւն մը չէ, ըսաւ Ան ու աւելցուց` Տէրը կ՛ընտրէ
փոքրերը, անոնք որ նուազ իշխանութիւն ունին, որովհետեւ Ան կը նայի մեր խոնարհութեան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 21 յունուարի առաւօտեան, սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած
քարոզը կեդրոնացուց ''Տիրոջ` փոքրերու հետ ունեցած յարաբերութեան վրայ ու Անոր ամէն մէկու
հետ ունեցած ''անհատական'' կապին վրայ։ Ամէնքս – ըսաւ Քահանայպետը - ընտրուած ենք Տիրոջմէ։
Մեզ ընտրեց մի առ մի։ Մեզի տուաւ անուն մը։ Քրիստոնէական հաւատարմութիւնը պարզապէս մեր
''համեստութիւնը'' պահպանելն է, որպէսզի կարենանք խօսիլ Տիրոջ հետ։ Ասոր համար հեզութիւնն
ու խոնրահութիւնը կարեւոր են քրիստոնեայի կեանքին մէջ որ յարատեւ երկխօսութիւն մըն է
''մեր համեստութեան'' եւ Տիրոջ ''մեծվայելչութեան'' միջեւ։ Թող Տէրը մեզի պարգեւէ
շնորհքը Իրեն առջեւ պահպանելու մեր համեստութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով իր
քարոզը։